2015-10-18 10:02:00

Միսիոներական համաշխարհային օր` Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 2015-ի վիճակագրութիւններ։


(Ռատիօ Վատիկան) Միսիոներական համաշխարհային օրուան առթիւ, կիրակի 18 հոկտեմբեր 2015, լոյս տեսան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 2015-ի կարգ մը վիճակագրութիւններ հայող Կաթողիկէ եկեղեցւոյ անդամներուն, անոր հովուական կառոյցներուն ու գործութիւններուն` առողջապահական, օժանդակիչ, մարդասիրական ու դաստիարակչական մարզերէն ներս։

Կաթողիկէներու թիւը` 31 դեկտեմբեր 2013-ի տուեալներու համաձայն 1.253.926.000 մինչ աշխարհիս բնակչութիւնը կը հաշուէ 7.093.798.000։

Եկեղեցական գաւառներն ու միսիոներական կայանները կը հաշուեն 2.989։ Բաղդատմամբ  2013-ին ութը նոր եկեղեցական գաւառներ ստեղծուած են՝ Ափրիկէ 2, Ամերիկա 1, Ասիա 1, Երոպան 3 եւ Ովկիանեայ 1։ Մինչ միսիոներական կայանները մնայուն քահանայով  կը հաշուեն 1.871։ Իսկ առանց մնայուն քահանայի եկեղեցական կայանները ներկայիս կը հաշուեն 133.869։

Աշխարհի մէջ կայ 5.173 եպիսկոպոսներ, ներկայիս թեմական եպիսկոպոսները (3.945) աւելի են քան կրօնաւոր եպիսկոպոսները (1.228)։ Քահանաներու թիւը ներկայիս կը հասնի  415.348, անոնցմէ 280.532 թեմական են, եւ 134.816 կրօնաւոր քահանաներ են։ Մնայուն սարկաւագները կը հաշուեն  43.195։ Կրօնաւորները կը հաշուեն 55.253, իսկ կրօնաւորուհիները 693.575, բախդատմամբ նախորդ տարուան  թէ կրօնաւորներու թէ կրօնաւորուհիներու թիւը նահանջ արձանագրած է։ Եկեղեցական արական  հաստատութիւնները կը հաշուեն 712, մինչ իգական եկեղեցական հաստատութիւններու թիւն է 747։

Աշխարհական միսիոնարները կը հաշուեն 367.679։ Իսկ կրօնուսոյցները՝ 3.157.568։ Աւագ նորընծաներու թիւն է. 118.251։ Փոքր նորնծաներու թիւն է 101.928։

Դաստիարակչական գետնի վրայ աշխարհի մէջ եկեղեցին կը մատակարարէ ու կը վարէ 73.263 մանկամսուրներ, որոնք յաճախուած են 6.963.669 մանուկներէ։ 96.822 նախակրթական դպրոցներ՝ 32.254.204 աշակերտներով։  45.699 ճեմարաններ որոնք  ունին 19.407.417 աշակերտ։ Նոյնպէս կան  2.309.797 բարձրագոյն դպրոցի ուսանողներ եւ  2.727.940 համալսարականներ։ Եկեղեցին ունի  5.034 հիւանդանոցներ, 16.627 դարմանատուներ, 611 բորոտանոցներ, 9.770 որբանոցներ, 12.082 մանկամսուրներ, 14.391 ամուսնական խորհրդատուներ, 3.896 կրթական կեդրոններ եւ 38.256 այլ կեդրոններ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.